2015-02-22 11:09:19

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Անկելա Մերքելը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 21 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Առաքելական պալատի ներքոյ, ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ վարչապետ` Տիկ Անկելա Մեաքելին որ ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինին եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրին հետ։
Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին եւ ի տես յառաջիկայ ''Եօթնեակի'' վեհաժողովին որ տեղի պիտի ունենայ գերմանիոյ Պավիէրա շրջանին մէջ, յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ յատուկ օրէն ուշադրութիւն կեդրոնացնելով աղքատութեան եւ անօթութեան դէմ պայքարի մասին, մարդավաճառութեան եւ կիներու իրաւունքին, համընդհանուր առոյգութեան եւ արարչագործութեան պահպանումին։ Խօսուեցաւ նաեւ մարդկային իրաւունքներու եւ կրօնի ազատութեան մասին շեշտը դնելով հոգեւորականութեան արժէքներու եւ ընկերութեան միասնութեան վրայ։
Հանդիպումներու ընթացին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոպայի կացութեան մասին, ընդգծելով յատկապէս Ուկրանական հակամարտութեան խաղաղ լուծում փնտռելու յանձնառումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.